5/9/14

ՀԱՅՐԵՆԻ ՏԱՆ ԿԱՐՕՏՈՎ


Մեծ քաղաքի փողոցներով կ՛անցնիմ` դիտելով շուրջս եւ յիշելով մեր գիւղը: Աստուա՜ծ իմ, դեռ երէկ հոն էինք, դեռ երէկ գրաւորի հարցարաններ պատրաստեցինք, դեռ երէկ Ճեմարանի տարեգիրքը հրատարակելու համար նիստ մը գումարեցինք:
Է՜հ, մեր լեռներուն վրայ կեանքը ուրիշ է. օդը մաքուր, հողը հարազատ, մարդը
անկաշկանդ, հոգին ազատ: Կեանքը խաղ էր ու հաճելի:
Գրախանութի մը առջեւ կանգ կ՛առնեմ: Եւ ի՜նչ, բոլոր թերթերուն առաջին էջին վրայ Քեսապ բառը կայ: Ինծի կը թուի, թէ աշխարհի բոլոր լեզուներով ՔԵՍԱՊի մասին գրած են: Ի՜նչ փոյթ, թէ ի՛նչ գրած են, կարեւորը` բոլորին մէջ հասարակաց մէկ բան կայ` ՔԵՍԱՊ:
Կը շարունակեմ ճամբաս: Եկեղեցւոյ մը զանգերու խուլ ղօղանջը կը լսեմ: Ականջներս ամուր կը գոցեմ ափերովս. ո՛չ, չեմ ուզեր լսել, չեմ ուզեր մտաբերել: Այս ձայնը զիս կը տանի հոն, ուր առաջին կիրակին անցուցինք Քեսապէն դուրս: Քեսապցիին առաջին պատարագը` հողէն հեռու: Եօթանասուն տարուան մէջ այսպիսի ցաւոտ պատարագի մասնակցած չէինք: Այսքան աղաչանք ու պաղատանք բարձրացուցած չէինք: Հայու պատմութեան մէջ գէթ անգա՛մ մը, անգամ մը միայն բացուէին սա երկինքի դռները, ու լսուէր հայու աղօթքը:
Բոլորը լացին, բայց անոնց արցունքները նոյն լեղին չունէին: Անոնք լացին մեզի համար, որովհետեւ անտուն մնացինք, գութով ու կարեկցանքով լեցուն էին անոնց աչքերը, բայց մեր արցունքներուն մէջ նիւթական կորուստի ցաւը չկար: Դառնօրէն լացինք, որովհետեւ մեզի ժառանգ մնացած հայկական այս տաքուկ ու գողտրիկ բոյնէն դաւադրաբար դուրս դրուեցանք: Մեր առջեւ ընտրութիւն չկար: Պարտադրաբար քալեցինք, քալեցինք, բայց բոլորիս նայուածքը ետեւ մնաց, վեր, դէպի մեր բարձունքները:
Շարուեցանք ու խոնարհաբար ստացանք մեզի յատկացուած հանդերձները: Քով քովի նստանք ու վերցուցինք մեզի համար եփուած այն պնակ մը ճաշն ու պատառ մը հացը: Ծամեցինք երկար, եւ մեր արցունքները խեղդեցին մեր կոկորդները ու չկրցանք մեր ծամածը կուլ տալ:
Է՜յ, հէ՜յ, մեր մշակը գարնան իր համեստ պաշարը կը բանար խնձորի ծառին տակ իր հերկած հողին վրայ: Հացն ու պանիրը անուշ կ՛ընէր: Իսկ հիմա կը տանջուէր հացը կլլելով:
Անսահման շնորհակալ ու երախտապարտ ենք եղած բոլոր բարիքներուն համար: Չենք մոռնար ու օր մը կը հատուցենք:
Գութին ու կարեկցանքին շուտով յաջորդեցին մեղադրական խօսքեր` մեզի ուղղուած: Քեսապ չտեսած մարդիկն անգամ քաղաքագէտ դարձան ու սկսան մեղադրել, թէ մենք պատրաստ դուրս չենք եկած: Համոզուած եմ, որ այսպէս կ՛արտայայտուին անոնք, որոնք քեսապցին չեն ճանչնար: Մեզի համար այնքան ալ նշանակութիւն չունին մեր գոյքերն ու հարուստ տուները, եւ մեր դրամն ու ոսկին ապահով դուրս բերել չկարենալը չէր մեր ցաւը, այլ մեր սեփական հողէն դուրս դրուիլն էր, ի՞նչ արժէք ունին ոսկին ու դրամը, երբ հողը կորսնցուցինք: Հիմա աշխարհի գանձերն ալ եթէ շարեն մեր առջեւ, մազաչափ մը չենք հրապուրուիր: Մեզի համար մեր պապենական հողէն աւելի թանկ բան չկայ:
Ամէն բան կորսնցուցինք, այո՛, բայց մենք մեր խղճին առջեւ հանգիստ ենք, որովհետեւ նուազագոյն զոհով դուրս եկանք: Այո՛, կորսնցուցինք տարիներու մեր արդար աշխատանքը, բայց ո՞վ ըսաւ, որ խեղճացեր ենք: Մենք մեր լեռներուն պէս խրոխտ ենք ու խեղճանալ չենք գիտեր:
Կորսնցնելէն ու կորսուելէն չենք վախնար, որովհետեւ ամէնքս` տարեց կամ նորահաս, Քեսապը իր բոլոր արժէքներով կը կրենք արդէն մեր մէջ:
Ո՛ւր ալ հասնինք, կ՛ապրինք որպէս քեսապցի ու կ՛ապրեցնենք Քեսապը:
Արեւմտեան Հայաստանը այսօր թրքական սահմաններուն մէջն է, բայց կը շարունակէ մնալ մեր բնօրրանը: Հարցուցէք մէկուն Անիի, Վանի, Մուշի ու Սասունի մասին, տեսէք` ի՛նչ կ՛ըսեն, թուրքն անգամ գիտէ, որ մե՛նք ենք տէրերը այդ հողերուն:
Եթէ մինչեւ անգամ մեր բոլոր եկեղեցիներն ու դպրոցները քանդեն, մեր հողը նուաճեն, բան չի փոխուիր, որովհետեւ մեր պատմական յիշողութիւնը չեն կրնար նուաճել: Նիւթեղէնն է, որ կը կորսնցնենք, իսկ հոգեւոր հայրենիքը կը շարունակենք ապրեցնել մեր մէջ:
1915-ին քալեց քեսապցին դէպի անապատները ու չորս տարի ետք վերադարձաւ: Ուրեմն հաստատ մենք ալ կը դառնանք: Կիսափուլ տուները չենք նորոգեր, այլ մեր ձեռքերով եղածն ալ կը քանդենք ու բոլորովին նորը կը շինենք: Մենք կը հաւատանք մեր բազուկի ուժին: Մեր հողերը վարժ են մեր քրտինքին ու բազուկի հարուածներուն: Մե՛նք ենք տէրերը մեր հողերուն: Մեր ծառերը կը ճանչնան մեզ, ու մեր մատներու հպումէն անոնք կը վերակենդանանան ու կրկին կը պտղաւորուին: Մեր ջուրերը գիտեն ակօսներու մէջէն հոսիլ ու ոռոգել ծիլերը: Մեր օճախին ծուխը կրկին պիտի բարձրանայ, ու թոնրահացին զգլխիչ բոյրը պիտի սողոսկի հեռուները` իմաց տալու բոլորին, թէ մեր արդար արեգակին տուած արդար հացն է, որ կ՛ուտենք մե՛ր հողին վրայ:
Հզօր ենք մենք մեր լեռներուն պէս ու չենք ընկրկիր: Մեր լեռները պիտի պատրաստեն ու սպասեն մեր վերադարձը:
Քեսապը քեսապցիին է, եւ արար աշխարհ գիտէ, որ քեսապցին հայ է, ուրեմն արեւմտահայ գիւղի վերջին մնացորդացը` Քեսապը, միայն հայուն կը պատկանի:
Հիմա կանգնած եմ Միջերկրականի ափին: Կ՛երկարեմ ձեռքս ջուրերուն. ա՜խ նոյն ալիքն է, որ կը բախի Գարատուրանի ծովափին այս պահուն: Բարի՛ ալիք, տա՛ր բարեւս մեր ժայռերուն ու մեր լեռներուն եւ ըսէ՛. «Աչքերս ծովն է, որ կը սեւեռեն, բայց սիրտս ու հոգիս յար յաւիտեան մեր բարձունքներուն վրայ պիտի մնան»: 

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆԱպրիլ 2014

Nareg Louisian fb page