Yerevan Booked net
+C

24/7 www.amedianews.press - : financial market news, blockchain and crypto and metaverse, all this is on our website.

4/30/14

ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԱԾ ՈՒ ԳՐՈՒԱԾ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻՆ ՅԱՋՈՐԴ ՄԷԿ ՀԱՏՈՐՆ Է, ՈՐ ԳՐՈՒԵՑԱՒ

«Վանայ Ձայն»-ի խօսնակ Հուրի Էմմիեանի, Հայ իրաւաբանական միջազգային միութեան (ՀԻՄՄ) նախագահ, Լոս Անճելըսի իրաւաբանական համալսարանի տնօրէն, քրէական եւ մարդկային իրաւունքներու իրաւաբան Կարօ Ղազարեանին հետ ունեցած հարցազրոյցէն հատուած (Հարցազրոյցը տպուած է Լիբանանեան Ազդակ Օրաթերթին մէջ, 30 Ապրիլ 2014)։
Հ.- Քիչ առաջ յիշեցիք, որ քեսապցի էք, եւ այժմ
Քեսապը դժբախտաբար պարպուած է հայութենէ: Դուք որպէս քեսապցի` ի՞նչ զգացիք, երբ իմացաք Քեսապի դէպքերուն մասին:
Կ. Ղ.- Կրնամ ըսել, որ ես պատրաստուած էի մասնակցելու ապրիլ 9-ի այս համագումարին, բայց երբ 21 մարտին այդ դաժան լուրը հասաւ, որ Քեսապ յարձակման ենթարկուած է, որոշեցի շտապել եւ փութալ Միջին Արեւելք, մօտէն ստուգելու իմ քեսապահայ ազգակիցներուս ապահովութիւնը: Ի հարկէ առաջին օրէն իսկ աջակից եղած եմ սուրիահայութեան, Հալէպի հայութեան ապրած տագնապալի օրերուն, Լոս Անճելըսի մէջ (սուրիահայութեան) շտապ օգնութեան աշխատանքներուն: Քեսապահայերու առնչութեամբ ես շնորհիւ իմ բարեկամիս` Րաֆֆի Սարգիսին, կրցայ տեսակցիլ հոս ապաստանած, Քեսապէն տեղահանուած ազգականներուս հետ: Յոյսով եմ, որ Այնճարի մէջ ալ կը հանդիպիմ իմ հարազատներուս: Լոս Անճելըսի մէջ ես արտայայտուեցայ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ ու բացայայտօրէն յայտարարեցի, թէ Քեսապը պիտի չգրաւուի թուրքերու կողմէ, Քեսապի հարցը անպատասխան պիտի չմնայ, եւ հայերը պիտի վերադառնան ու վերահաստատուին Քեսապի մէջ: Քեսապահայութեան այսօրուան տագնապը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւր տարի առաջ գործադրուած ու գրուած տեղահանութեան գիրքին յաջորդ մէկ հատորն է, որ գրուեցաւ, որովհետեւ այս մարդիկը, որոնց ես հանդիպեցայ, ի տարբերութիւն Հալէպի հայութեան, առաւօտ կանուխ շատ հապճեպով, իրենց վրայ կրած հագուստներով հեռացած են իրենց տուներէն: Ես արդէն որպէս Հայ իրաւաբաններու միութեան նախագահ եւ Հայ դատի կողմէ գրաւոր կերպով դիմած եմ առ որ անկ է, որ միջազգային մակարդակի վրայ հետապնդումներ ու քննարկումներ կատարուին: Պիտի վերադառնամ Լոս Անճելըս ու թէեւ ասպարէզով իրաւաբան եմ, իրաւաբանութիւնը իր տեղին, բայց ազգային պարտականութիւնը, շատեր կ՛ըսեն` տուրք, տուրք չէ, տուրքը տխուր երեւոյթ է, ազգային պարտականութիւնը իւրաքանչիւրիս, մեր բոլորին պարտականութիւնն է: