Yerevan Booked net
+C

24/7 www.amedianews.press - : financial market news, blockchain and crypto and metaverse, all this is on our website.

5/1/14

— Երեսներուդ քրտինքովը պիտի ուտես քու հացը:

Անէծքի զօրութեամբ ծանր, կշտամբալից այս դատավճիռը մարդը նետեց փափկութեան դրախտէն դէպի գործի դաշտը: Ալ դալարիքն ու պտղառատ ծառերը չկային իր շուրջ: Չոր հողն էր իր առջեւ, «փուշ ու տատասկ» իր ոտքերուն տակ: Աշխատանքը այլեւս
դարձաւ հոմանիշ կեանքի. քրտինքը միակ ուղիղ ճամբան՝ դէպի արդար երջանկութիւն: Եւ այսպէս աշխատանքը դարձաւ տիեզերքի ամենէն հզօր ոյժը, ամենէն մեծ բարիքը: Մարդը այլեւս իր մարդ-ութիւնը չէր կրնար իրագործել առանց այս օրէնքին, անէծք-օրհնանքին: Աշխարհը այլեւս չէր կրնար ըլլալ nւ մնալ աստուածաստեղծ տիեզերք՝ առանց մարդու գործին ու գործակցութեան: Տիեզերքն ու կեանքը քաոս Էին, «եւ երկիր էր աներեւոյթ եւ անպատրաստ», երբ «մարդ չէր, որ գործէր զերկիր»:
Այս Է Աստուածաշունչի առաջին իսկ Էջերուն վրայ սփռուած ճշմարտութիւնը մարդու եւ աշխատանքի մասին:

Գարեգին Ա Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց



Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս fb page