Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասին վրայ մեծ թիւով հրթիռներ ինկած են Ուրբաթ երեկոյեան մինչեւ Շաբաթ առաւօտեան առաջին ժամերը, ետին ձգելով հսկայական աւեր քրիստոնեաբնակ այդ թաղամասին մէջ:
Արձանագրուած են աւելի քան 20 զոհեր՝ մեծամասնութիւնը կիներ ու մանուկներ: Մահացողներուն թիւը անընդհատ կը բարձրանայ: Կան հարիւրաւոր վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքացիներ կը մնան շէնքերու փլատակներուն տակ, որոնց ճակատագիրը յայտնի չէ:Տակաւանին լուսանկարներ չկան, քանի որ համացանցը չի գործեր:
Հրաչ Քալսահակեան
www.amediainfo.ru
No comments:
Post a Comment